2013-03-20 14:08:17

Հայկական Պաշտօնական Եւ Ժողովրդային Մասնակցութիւն` Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պաշտօնի Ստանձնման Արարողութեան


Հ Հ նախագահ Սերժ Սարգսեան, երէկ Վատիկանի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնի ստանձնման պատարագին: Հայրենի նախագահը շնորհաւորեց սրբազան քահանայապետը անոր ընտրուելուն եւ կաթողիկէ աշխարհի հովուապետի առաքելութիւնը ստանձնելու առիթով: Ան նշեց, որ աշխարհի մէջ առաջինը պետականօրէն քրիստոնէութիւնը ընդունած հայ ժողովուրդին համար այս իրադարձութիւնը առանձնայատուկ խորհուրդ եւ իմաստ ունի: Նախագահը ուրախութեամբ նշեց, որ Ս. Պետրոսի նուիրապետական աթոռին վրայ նստած է հայ ժողովուրդի բարեկամը, որ քաջատեղեակ է հայ մշակոյթին եւ հայոց պատմութեան, ինչ որ ան բազմիցս փաստած է Արժանթինի մէջ իր գործունէութեան ընթացքին: Յայտնենք, որ Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Պետրոսեան պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ընթացքին ուշագրաւ էր նաեւ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ հայ հաւատացեալներու ներկայութիւնը, որոնք բարձրացուցած էին Եռագոյն դրօշակներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.